2014-08-28 08:38:41

Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետը` Կարտինալ Սթելլայի յիշատակներուն մէջ։


Անոր յատկութիւններէն` խոնհարութիւնն ու հեզութիւնը։

Կղերի ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Սդելլա` խօսելով Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետին մասին, անոր Քահանայապետ ընտրութեան 36-րդ տարեդարձին առթիւ, զայն կը նկարագրէ որպէս քահանայ մը որ ապրեցաւ խոնարհութեամբ, եղբայրօգնութեամբ եւ հնազանդութեամբ։ Անոր ամէն մէկ խօսքը կը համապատասխանէր անոր կեանքի ապրումին։
Կարտինալ Սթելլա յայտնեց որ մօտէն ճանչցած ու ապրած է Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետին հետ, քանի Ան եղած է իր եպիսկոպոսը 11 տարիներու ընթացքին ու ներկայ եղած է անոր եպիսկոպոսական օծումին` հեռաւոր հոկտեմբեր 1965-ին, Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի աւարտին։
Կարտինալ Սթելլան յայտնեց`. ''Անոր մեծապէս երախտապարտ եմ եւ Լուչիանի Քահանայապետը միշտ պիտի յիշուի որպէս տիպարը քահանայական կոչումին։ Ան եղաւ ճշմարիտ քահանայ մը` նկարագիրով բաց, եռանդուն եւ որուն մէջ նենգութիւն չկար։ Անոր կեանքը եղաւ ցոլացումը Աւետարանի ուսուցումին։ Լուչիանի, իր առաքելութիւնը սկսաւ որպէս դասատու եւ փոխ տեսուչ Վենեթօ թեմի դպրեվանքին, ապա եղաւ թեմին ընդհանուր տեղապահը, հուսկ եպիսկոպոս։ Ան միշտ սիրած է իր քահանաները ու անոնց բարիքը փնտռած։ Կարտինալ Սթելլա իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենաբարին Աստուծոյ որ իր Եկեղեցւոյ համար ընտրել տուաւ ֆրանչիսկոս ներկայ քահանայապետը որ իր ժպիտով, պարզութեամբ, մարդկայնութեամբ ու անվերապահ նուիրումով եկեղեցւոյ ի սպաս, կը յիշեցնէ մեզի Լուչիանի հեզ Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.